فيديو – حوار خاصّ مع قداسة الكاثوليكوس آرام الأوّل خلال الجمعيّة العامة الـ12 لمجلس كنائس الشرق الأوسط

الترجمة الأرمنيّة متوفّرة

تقدّم دائرة التواصل والعلاقات العامة في مجلس كنائس الشرق الأوسط بالتعاون مع المركز الإعلامي التابع للكنيسة القبطيّة الأرثوذكسيّة في مصر C.O.C، حوارًا خاصًّا مع قداسة الكاثوليكوس آرام الأوّل، كاثوليكوس الأرمن الأرثوذكس لكيليكيا، وذلك خلال فعاليّات الجمعيّة العامة الثانية عشرة لمجلس كنائس الشرق الأوسط الّتي انعقدت تحت شعار "تشجّعوا! أنا هو. لا تخافوا!" (متّى 14: 27) بضيافة قداسة البابا تواضروس الثاني، بابا الإسكندريّة وبطريرك الكرازة المرقسيّة، في مركز لوغوس البابويّ في وادي النطرون في مصر.

يمكنكم قراءة الترجمة الأرمنيّة للمقابلة كاملةً بعد الفيديو.

Ա) Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ինչպէ՞ս կը բնորոշէք համաժողովի բնաբանը՝ «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ 14.27), ներկայ պայմաններու լոյսին տակ:

- Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքը, որ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի համաժողովին բնաբանը դարձած է, զօրեղ եւ ազդու պատգամ մը կը բովանդակէ իր մէջ՝ ուղղուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ ընդհանրապէս ընկերութեան: Մենք բոլորս, քրիստոնեայ թէ իսլամ, կ'ապրինք զանազան տագնապներու ներքեւ. շրջապատուած ենք այլազան դժուարութիւններով ու անորոշութիւններով: Արդ, այս ճգնաժամային օրերուն հարկ է լսել Յիսուս Քրիստոսի խօսքը, որ կ'ըսէ. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք»: Պէտք չէ մոռնալ, որ Յիսուս Քրիստոսի անունը՝ Էմմանուէլը, կը նշանակէ Աստուած մեզի հետ, այսինքն՝ Յիսուս մեզի հետ է: Ահաւասիկ, մեր հաւատքի հիմքը: Յիսուս Քրիստոս անցեալին պատկանող իրականութիւն մը չէ, այլ մեր կեանքին մէջ ապրող իրականութիւն է: Ան, յոյսի աղբիւր է՝ յուսահատութեան դէմ. կեանքի աղբիւր՝ մահուան դէմ: Քրիստոս, ինչպէս ինք ըսաւ, մեր ճանապարհն է, ճշմարտութիւնն ու կեանքը: Հետեւաբար, Մ.Ա.Ե.Խ.-ի համաժողովը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ պէտք չէ վախնանք, այլ քա՛ջ ըլլանք, որովհետեւ Յիսուս մեզի հետ է:

Բ) Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը եւ անոնց դերակատարութիւնը շրջանէն ներս։

- Այսօր մենք ահաւոր խնդիրներ կը դիմագրաւենք շրջանէն ներս: Երբ նայինք քրիստոնէութեան պատմութեան, կը տեսնենք, որ տարբեր բնոյթ ու ծաւալ ունեցող տագնապներու դիմաց գտնուած է միշտ քրիստոնէութիւնը: Սակայն, եկեղեցին գոյատեւեց, որովհետեւ եկեղեցին սոսկ հաստատութիւն մը չէ, այլ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է: Պատմութեան փոթորիկներուն, հալածանքներուն ու առճակատումներուն դիմաց Քրիստոսի եկեղեցին, իբրեւ հաւատքի համայնք, գոյատեւեց: Իսկ այսօր, կը հաւատամ, որ քրիստոնեայ համայնքը հոգեւոր քաջութեամբ ու խոր հաւատքով զինուած, ո՛չ միայն պիտի գոյատեւէ, այլ վերանորոգ կամքով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր վկայութիւնը: Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ, լծուիլ Աւետարանի վկայութեան. իսկ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ, մասնակից դառնալ քրիստոնէական վկայութեան ու առաքելութեան՝ տարածելով Աւետարանի կենսատու արժէքները:  

Գ) Այսօր, մարդկային կարգ մը ընկերութիւններու կեանքին մէջ կը տեսնենք փոխ-յարաբերութեանց խաթարում: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնն ու երկխօսութիւնը զարգացնել ընկերութեան բոլոր մարզերուն մէջ:

- Այսօր մենք կ'ապրինք փոխ-յարաբերութեան աշխարհի մը մէջ: Մենք չենք կրնար ընկերութեան մէջ մեկուսացած մնալ: Հարկ է բացուիլ ուրիշին՝ մեր մշակոյթով, արժէքներով, նոյնիսկ մտահոգութիւններով ու հարցերով: Հարկ է բացուիլ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կ'ապրինք մեր իսլամ դրացիներուն ու բարեկամներուն հետ: Անոնք մեր դրացիներն են, քաղաքակիցներն են ու գործակիցներն են: Լիբանանի մէջ մենք յաճախ կը շեշտենք գոյակցութիւնը: Այո՛ մենք ունինք  տարբեր սովորութիւններ, աւանդութիւններ ու արժէքներ, սակայն հարկ է որ փոխ-յարգանքով մօտենանք իրարու եւ ընդունինք զիրար՝  հիմնուելով հասարակաց բարոյական սկզբունքներու արժէքներու վրայ: Քրիստոնեայ ընկերութիւնը անբաժան բաղկացուցիչն է շրջանի ընկերութեան:

Դ) Վեհափառ Տէր, այսօր երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ այլազան մարտահրաւէրներ. եկեղեցին այսօր ինչպէ՞ս կրնայ անոնց կողքին ըլլալ ու աջակցիլ:

- Ես չեմ կրնար երեւակայել որեւէ ընկերութիւն կամ հաստատութիւն առանց երիտասարդ տարրի ներկայութեան: Երիտասարդները կարելի է բնորոշել իբրեւ մարմնի մը էական բաղկացուցիչը: Անոնք ընկերութեան կեանքի արիւնն են, կենսունակութեան երաշխիքը ու ստեղծագործ մտքի աղբիւրը: Ուստի, յաճախ շեշտած եմ, որ երիտասարդները միայն ապագային չեն պատկանիր, այլ՝ ներկային: Պէտք է քաջալերենք երիտասարդները, որպէսզի առաւել գործօն մասնակցութիւն ունենան եկեղեցւոյ կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, նո՛յնիսկ ղեկավարութեան դիրքի վրայ: Ինծի համար անընդունելի երեւոյթ է երիտասարդները ընկերութեան լուսանցքին վրայ ձգելը: Անոնք պէտք է մնան, իրենց գործօն մասնակցութեամբ ու կարեւոր դերակատարութեամբ, ընկերութեան կեդրոնական դիրքին վրայ, ներառելով, բնականաբար, եկեղեցական կեանքը: Այս բոլորէն մեկնելով, կը հաւատամ, որ մեր եկեղեցիներն ու Մ.Ա.Ե.Խ.-ը, զանազան ծրագիրներ ու նախաձեռնութիւններ մշակելով, պէտք է խրախուսեն երիտասարդներու ազդու ու պատասխանատու մասնակցութիւնը ընկերութեան հաւաքական կեանքի այլազան ոլորտներու մէջ:

Ե) Վեհափառ Տէր, ի՞նչ է ձեր թելադրութիւնը այսօրուան երիտասարդութեան ուղղուած, որոնք մտահոգութիւններով շրջապատուած են ու անորոշ մթնոլորտի մէջ կ'ապրին:

- Գիտեմ որ երիտասարդները կը դիմագրաւեն ահաւոր տագնապներ: Երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը ընկերութեան ուսեալ խաւը կը ներկայացնեն: Օրինակ, Լիբանանի մէջ երիտասարդութիւնը մեծ մասամբ ուսեալ է եւ արժանացած վկայականներու, սակայն այսօր մեր երիտասարդները անգործութեամբ կը տառապին: Այս պատճառով կը լքեն իրենց երկիրը: Ուստի, կը հաւատամ, որ եկեղեցին օգտակար պէտք է դառնայ երիտասարդներուն: Բնականաբար, եկեղեցին ամէն ինչ չի կրնար ընել, սակայն եկեղեցւոյ համար ընկերութեան կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութեան հարցը պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն դառնայ: Պէտք է եկեղեցին, տարբեր միջոցներով ու ձեւերով, օգտակար հանդիսանայ երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք մնան հոն, ուր որ են՝ իրենց երկրին, համայնքին ու ընկերութեան մէջ: Հետեւաբար, Քրիստոսի խօսքը. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք», ուղղուած է նաեւ երիտասարդներուն: Մեր երիտասարդները քա՛ջ թող ըլլան ու չվախնան, եկեղեցին, անոր ղեկավարութիւնն ու հոգեւոր դասը երիտասարդութեան հետն են: Այս պատգամը պէտք չէ լոկ խօսքով սահմանափակել, այլ պէտք է գործով թարգմանել: Արդ, ջերմօրէն կոչ կ'ուղղեմ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան, որպէսզի երիտասարդութիւնը նկատեն իբրեւ առաջնահերթութիւն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:          

Զ) Գալով հայութեան, ինչպէ՞ս կը բնորոշէք հայ համայնքի իրավիճակը եւ ի՞նչ է անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

- Բոլոր եկեղեցիներն ու համայնքները շրջանէն ներս նոյն մարտահրաւէրներն ու տագնապները կը դիմագրաւենք: Կարելի չէ ըսել, թէ հայութիւնը այս դժուարութիւնը կը դիմագրաւէ, իսկ ուրիշ մէկ համայնք՝ այլ դժուարութիւն: Մենք բոլորս, Միջին Արեւելքէն ներս, քրիստոնեաներ ու իսլամներ, միասնաբար կ'ապրինք ու միասնաբար կը դիմագրաւենք շրջանը յուզող տագնապները: Ներկայ համաժողովը կու գայ դարձեալ յիշեցնելու, թէ քրիստոնեայ համայնքները պէտք է միասնաբար գործեն: Այո՛, աստուածաբանական տարբեր տեսակէտեր ու մօտեցումներ կան մեր միջեւ: Սակայն, այս տարբերութիւնները մէկդի թողելով, պէտք է տարբեր ձեւերով արտայայտենք մեզի շնորհուած աստուածատուր միասնականութիւնը: Օրինակ, ինչպէս համաժողովի առաջին նիստի ընթացքին յայտնեցի, հարկ է Ս. Յարութեան տօնը միասնաբար տօնախմբել: Ահաւասիկ մարտահրաւէր մը ուղղուած մեր բոլորին: Միասնական տօնախմբութեամբ մենք պիտի կարողանանք շօշափելիօրէն արտայայտել քրիստոնէական միասնականութիւնը: Երկրորդ, ինչպէս քիչ առաջ անդրադարձայ, ընկերութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքները կ'ապրին իսլամ համայնքներուն հետ միասնաբար: Մեր միջեւ բաժանման գիծեր գոյութիւն չունին: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է ամրապնդել այս գոյակցութիւնը՝ յարգելով ու ընդունելով զիրար: Այս ծիրէն ներս հարկ է անդրադարձ կատարել ու ողջունել Եգիպտոսը: Եգիպտոսը այսօր կը պարզէ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան պերճախօս օրինակը՝ հակառակ մօտիկ անցեալի դժուարութիւններուն: Համաժողովի երկրորդ օրը հանդիպում ունեցանք Եգիպտոսի նախագահ՝ Ալ-Սիսիի հետ: Գնահատելի է իր որդեգրած տեսակէտը քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան գծով: Ան Եգիպտոսը կը դիտէ իբրեւ մէկ ամբողջականութիւն՝ առանց խտրականութեան քրիստոնեաներու ու իսլամներու միջեւ: Նախագահը յայտնեց, թէ Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեայ թէ իսլամ հաւասար իրաւունքներ կը վայելեն, մէկ ամբողջականութիւն կը կազմեն եւ հաւասար մասնակցութիւն կը բերեն Եգիպտոսի ծաղկման ու զարգացման: Ուրախ եմ, որ այս ուղղութեամբ Ղպտի Ուղղափառ քոյր եկեղեցին ունի կարեւոր դերակատարութիւն: Հարկ է յստակ պատգամ մը ուղղել եւ յիշեցնել ողջ աշխարհին, թէ Միջին Արեւելքը ա՛յն վայրն է, ուր գոյակցութիւնը տեսական գաղափար մը չէ, այլ՝ գոյութենական իրականութիւն, որուն պահպանման նախանձախնդիր պէտք է դառնայ թէ՛ քրիստոնեան եւ թէ իսլամը:

Է) Վեհափառ Տէր, ի՞նչ է Ձեր խօսքը ուղղուած Լոկոս կեդրոնէն, ուր կը գումարուի Մ.Ա.Ե.Խ.-ի 12-րդ համաժողովը:

- Նախ կ'ուզեմ իմ խոր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնել Նորին Սրբութիւն Դաուատրոս Պապին՝ իր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: Ինչպէս գիտէք, Հայ Ուղղափառ ու Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիները կը պատկանին նոյն եկեղեցական ընտանիքին: Ուստի, հարկ է մեր գործակցութիւնը առաւել ամրապնդել ու զարգացնել: Կը հաւատամ, որ Լոկոս կեդրոնը կրնայ էական դերակատարութիւն ունենալ միջ-եկեղեցական հանդիպումներու զարգացման առումով, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի տարողութեամբ, այլ նաեւ՝ արեւմտեան եկեղեցիներն ու ընկերութիւնները ներառելով: Այո՛, մենք տարբեր ինքնութիւններ ունինք, սակայն, ինչպէս անդրադարձայ, հարկ է ընդունիլ ու յարգել զիրար: Աստուած մեզ ստեղծած է տարբեր, ամէն իմաստով, սկսելով մեր գոյնէն, տեսքէն եւ աշխարհահայեացքէն: Սակայն, այս փոքր աշխարհին մէջ կոչուած ենք միասնաբար ապրելու: Այս է Աստուծոյ պատուէրը՝ ապրիլ միասնաբար, խաղաղութեամբ ու արդարութեամբ: Այս համաժողովը կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու մեզի թէ՝ իբրեւ քրիստոնեաներ անհրաժեշտ է հաւատարմօրէն կապուած մնալ Միջին Արեւելքին, որովհետեւ մենք կը պատկանինք այս տարածաշրջանին: Մենք դրսեցի չենք եղած, չենք եկած արեւմուտքէն, այլ սկիզբ առած ենք Միջին Արեւելքէն: Մեր պատմութիւնը ամրօրէն մաս կազմած է այս շրջանի պատմութեան: Հետեւաբար, մենք պէտք է կառչած մնանք մեր ներկայութեան պահպանման, մեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Միաժամանակ պէտք է յստակ դիրքորոշում որդեգրենք այն բոլոր մօտեցումներն ու ծրագիրներուն դէմ, որոնք կը քաջալերեն Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու գաղթելու գաղափարը: Մենք դէմ ենք այս մտածելակերպին: Մենք հոս պէտք է մնանք՝ մեր ժողովուրդով ու հաստատութիւններով, պահելով մեր ինքնութիւնն ու հաւատքը:

 

Previous
Previous

مصر وكنائس الشرق

Next
Next

معًا نتكاتف ونصلّي